Անահիտ Սարգիսեանի «Քառասուն ուլունք»ը ընթերցողը կը հրաւիրէ Տիկին Պէաթրիսի աշխարհը։ Հատորը մարգարիտէ մանեակի նման հատիկ-հատիկ կը շարէ ապրումներ, ուր իւրաքանչիւր ուլունք կեանքի մէկ հանգոյցն է եւ կամ մէկ յուշը։
Այս գործը վկայութիւն մըն է սպասումի եւ յոյսի։ Տիկին Պէաթրիս կը սորվի «յոյսի կծիկը» նորէն ու նորէն փաթթել , նոյնիսկ երբ փրկութեան դուռը կղպուած կը թուի։ Ի վերջոյ, երբ մանեակին թելը կը փրթի եւ քառասուն ուլունքները կը գլորին ասդին-անդին, Տիկին Պէաթրիս դարձեալ կը քսէ իր շ ...